2015-05-21 09:49:00

Յառաջիկայ Յունիս 2-ին Իրաքի եւ Սուրիոյ շուրջ միջազգային ժողով` Փարիզի մէջ։


Ֆրանսայի կառավարութեան բանբեր Սթեֆան Լը Ֆոլ երէկ յայտնեց, որ 2 յունիսին Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ Իրաքի եւ Սուրիոյ տագնապներուն շուրջ միջազգային ժողով մը:

«Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս նախարարաց խորհուրդի նիստի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Փարիզի մէջ Սուրիոյ եւ Իրաքի ընդհանուր կացութեան շուրջ ժողով մը տեղի պիտի ունենայ», ըսաւ Լը Ֆոլ` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի պիտի մասնակցի ժողովին:

Սեպտեմբեր 2014-ին Փարիզի մէջ գումարուած էր նոյնպիսի ժողով մը, որուն մասնակցած էին 30 երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ժողովը գումարուած էր ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու ռազմավարութիւն մը ճշդելու նպատակով: Ժողովին մասնակիցները քննարկեցին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի` ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշնակից ուժերուն մէջ իւրաքանչիւրին ստանձնելիք դերակատարութիւնը:

Հետագային աւելի քան 60 երկիրներ մաս կազմեցին նշեալ դաշինքին եւ տասնեակ մը երկիրներ կը շարունակեն մասնակցիլ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ օդային հարուածներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.